«Կեանքէն ինծի ի՞նչ մնաց. Ինչ որ տուի ուրիշին»
Դէպի հանդերձեալ կեանք «ուղեւորուած» հանգուցեալի մը համար, մահը սկիզբն է անդենական կեանքի, յաւերժական կեանքի, բայց եւ այնպէս, հարազատներուն եւ անոր շրջապատին համար, դժուար ընդունելի եւ ցաւալի իրողութիւն մըն է: Ֆիզիկական բաժանումը ծանր է մնացողներուն համար, մանաւանդ երբ մահը անժամանակ եւ անսպասելի է: Հասկնալ եւ հաշտուիլը երկար ժամանակ կը պահանջեն...:
Մահը անցողիկ կեանքի ամփոփումն է, ապրուած կեանքի մը եզրակացութիւնը: Ինչպէս Վահան Թէքէեան կըսէ՝ «Հաշուեյարդար» մը.- «կեանքէն ինծի ի՞նչ մնաց. Ինչ որ տուի ուրիշին. տարօրինա՜կ, ա՛յն մնաց»:
Տիգրան Գալայճեանի մահուան առաջին տարելիցը անգամ մը եւս առիթ կընծայէ, իր բոլոր սիրելիներուն, հարազատներուն եւ մեծ շրջանակին, արժեւորելու իր կեանքը եւ մխիթարուելու իր թողած յիշատակներով եւ մարդկային արժէքներով: Տեսնելու եւ ապրելու «ինչ որ տուաւ ուրիշներուն»:
Պայծառ, յաջողակ, խելացի, խորաթափանց, զգայուն, սիրող, հոգատար, գործնական, լաւատես, հեռանկարային, բարի անձ մըն էր Տիգրան Գալայճեան: Դէմքին վրայ պայծառ ժպիտը մշտապէս փորագրուած էր:
Շատ սիրուած ու յարգուած էր իր ընտանիքին, ընկերներու լայն շրջանակին և գործընկերներուն կողմէ:
Տիգրան յաջողակ գլխաւոր տնօրէնն էր Wunderman Thompson ընկերութեան Մերձաւոր Արևելքի և Հիւսիսային Ափրիկէի երկրներու տարածքին: Անոր վստահուած էր միջազգային մեծ ընկերութեան 15 երկիրներու մէջ մասնաճիւղներու ֆինանսական ծրագրումը, վերահսկողութիւնը եւ ընդհանուր հաշուետուութիւնը: Իր արհեստավարժ ասպարէզը սկսաւ հանրայայտ Ernst & Young ընկերութեան մէջ, ուր աստիճանաբար պաշտօններու բարձրացումներ ձեռք բերաւ, իր մասնագիտական կարողութիւններու եւ յաջողութիւններու շնորհիւ:
2006 թ.-ին Տիգրան դարձաւ JWT ընկերութեան Միջին Արեւելեան եւ Հիւսիսային Ափրիկէի տարածաշրջանի ֆինանսական պատասխանատու և կարճ ժամանակի ընթացքին, ընկերութեան բարձրագոյն ղեկավարութեան կողմէ նշանակուեցաւ գլխաւոր ֆինանսական տնօրէն (Chief Financial Officer): Տարիներու ընթացքին նպաստեց ընկերութեան կառուցուածքային նախաձեռնութիւններուն, տուրքերու բարդ խնդիրներու կարգաւորման եւ ընկերութեան գանձապետարանի կազմակերպման ու առեւտրական ձեռքբերումներու տնօրինման: Ասոր առընթեր, մի քանի ընկերութիւններու խորհրդական մարմնի անդամ էր:
Տիգրան ծնած է 10 մարտ 1973-ին, Պէպօ եւ Ազատուհի Սիմոնեան Գալայճեաններու ընտանիքին մէջ: Երկու տարեկան էր Տիգրան երբ լիբանանեան քաղաքացիական պատերազմը ծայր առաւ: Իր մօրը պաշտօնավարած ԼAU համալսարանէն ներս ընտանիքը հաստատուեցաւ եւ երկու եղբայրներ Տիգրան եւ Ռազմիկ իրենց մանկութիւնն ու պատանեկութիւնը անցուցին արեւմտեան Պէյրութ ԼAU համալսարանէն ներս: Այդ պատճառաւ ալ, իրենց նախակրթական եւ երկրորդական ուսումը ստացան Ամերիկեան համալսարանի կապուած International College-ի մէջ:
Տիգրանը իր համալսարանական ուսումը ստացաւ LAU-ի մէջ, ստանալով B.S. եւ MBA տիտղոսները 1995 եւ 1998 թուականներուն: Մասնագիտութիւն ձեռք բեռած էր հաշուապահական եւ ֆինանսական ճիւղերուն մէջ: Մասնագիտական իր CPA կոչումը ստացաւ Քալիֆորնիոյ նահանգէն:
Իր յաջող առեւտրական ասպարէզին զուգահեռ եւ չնայած իր մնայուն ճամբորդութիւններուն, Տիգրան հայ կեանքի մէջ ներգրաւուած էր եւ Լիբանանահայ համայնքի գործօն անդամ էր, միշտ զօրավիգ ունենալով իր կողակիցը՝ Սիլվին: Բազմաթիւ բարեգործական, մշակութային, ուսումնական եւ ընկերային ծրագիրներու յաջողութեան նպաստած է, կազմակերպչական եւ խորհրդատուական իր բացառիկ կարողութիւններով:
Ուսանողական տարիներուն մաս կազմած է Հայց. Եկեղեցւոյ համալսարանական ուսանողական միութեան, Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան հովանիի տակ: Երկար տարիներ ծառայած է Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Թռչնոց Բոյն»ի խնամակալ մարմնին, որպէս տնտեսական հարցերու խորհրդատու:
Լիբանանի Ազգային Առաջնորդարանին եւ համայնքին ծառայած է որպէս երեսփոխան երկու ընտրական շրջան, ներկայացնելով Ռըմէյլի Ս. Յարութիւն եկեղեցին: Իր օրով բարգաւաճեցաւ եկեղեցւոյ գործունէութիւնը ընդգրկելով ընդարձակ մարդասիրական ծառայութիւններ թաղի կարիքաւոր ընտանիքներուն համար, որը կրկնապատկուեցաւ Օգոստոս 4-ի Պէյրութի նաւահանգիստի աղէտալի պայթումէն ետք: Տիգրան իր մասնաւոր ներդրումը ունեցաւ ժողովուրդին ընձեռուած շաբաթական դրութեամբ օգնութիւններուն: Սիրուեցաւ ժողովուրդէն եւ գնահատուեցաւ իր բազում ծառայութիւններուն համար:
Իր ծնողաց հետ ան փոքր տարիքէն մաս կազմած էր ՀԲԸՄ-ի մեծ ընտանիքին: Ան հետեւողական կերպով իր զաւակները առաջնորդած էր մաս կազմելու Տէմիրճեան Կեդրոնի գործունէութիւններուն մարզական, կրթական, ընկերային եւ սկաուտական մարզերէն ներս:
Հասակ առնելով Պէպօ եւ Ազատուհի Սիմոնեաններու ընտանիքին մէջ, Տիգրան եւ եղբայրը Ռազմիկ մաս կազմեցին ՀՄՄ-ի սկաուտական կազմակերպութեան ու հասան մինչեւ փոխ խմբապետի մակարդակին: Անոնք իրենց ասպարէզի յաջողութիւններուն մէջ երբեք չմոռցան իրենց միութիւնը եւ դարձան հովանաւորներ ՀՄՄ-ի սկաուտական շարժման, բերելով իրենց նիւթական եւ բարոյական նպաստը մինչեւ օրս:
Նոր Սերունդ Մշակութային Միութեան իր հիմնադիր հօր փափաքին ընդառաջելով, նեցուկ կանգնած է միութեան աշխատանքներուն եւ յատկապէս «Արեգ» պարախումբի կեանքի կոչուելէն ետք անոր հովանաւորներէն մին հանդիսացած: Իր դստեր Սարիկի գործօն մասնակցութիւնը պարախումբի վերջին տարիներու ելոյթներուն մեծ գոհունակութիւն կը պատճառէր Տիգրանին եւ ան իր առատաձեռն նուիրատուութիւններով կ’օժանդակէր պարախումբի պիւտճէի առաւել բաւարարման:
Տիգրան հայ համալսարանաւարտ երիտասարդներուն մնայուն կերպով նեցուկ կանգնած է, զանոնք տեղաւորելով միջազգային ընկերութիւններու մէջ որոնց հետ ինք մնայուն կապեր ունեցած է: Անոնք միշտ ալ երախտապարտ եղած են Տիգրանին իրենց ասպարէզի կեանքին մէջ ձեռք ձգած յաջողութիւններուն համար: Բազմաթիւ են նաեւ այն համալսարանականները որոնք Տիգրանի համաշխարհային ցանց ունեցող ընկերութեան մէջ կատարած են իրենց փորձառական վարժութիւնները, այդ ձեւով ամբողջացնելով իրենց համալսարանական տիտղոսին պահանջք հանդիսացող փորձառական շրջանը:
Ազգային եւ հայրենասիրական խոր ապրումներով ապրող եւ տագնապող բարձրագոյն ասպարէզի ոլորտներուն մէջ ինքզինքը պարտադրած եւ վերելքներու հասած արդի երիտասարդութեան տիպարներէն էր Տիգրան, որը հպարտութիւնն էր իր ընտանիքին եւ հաւաքականութեան: Ափսոս որ միայն 47 տարիներու վրայ տարածուեցաւ իր բազմաբովանդակ գործունէութեան ժամանակաշրջանը: Դեռ շատ տալիք ունէր ան իր ազգին:
Եւ Թէքէեանի բառերով՝
Ինչ որ գնաց ուրիշին՝ վերադարձաւ անուշցած
Ու զօրացած՝ հոգիիս մէջ մնալու յաւիտեան.
Ինչ որ տարաւ Սէրն ինծմէ՝ չկորսնցուց զայն Աստուած,
Տուաւ ինձ ետ ու ըրաւ կեանքս անով միշտ բուրեան...:
— Հրաչ Չիլինկիրեան (Օքսֆորտ)