top of page

Երրորդ տարելիցին առիթով
Միշտ ներկայ եղար եւ գօտեպնդեցիր մեզ

Սիրելի Տիգրան,

 

Քու հեռացումէդ երեք տարիներ ետք, կրկին կը կապուինք քեզի հետ հաշուետուութեան թէ ինչ կատարած ենք քու բացակայութեանդ ընթացքին։ Ամենօրեայ դրութեամբ միշտ ներկայ եղար մեր կեանքին մէջ եւ գօտեպնդեցիր մեզ քու քաջալերանքովդ եւ զօրակցութեամբդ։ Յաճախ եկար մեր երազներուն մէջ եւ պատուիրեցիր մեզի քու խորհուրդներդ որոնք հեզասահ պիտի դարձնէին մեզ խռովող տուեալ  հարցի լուծումը։ Արեգի եւ Սարիկի տարին անցաւ իրենց ձեռք ձգած ուսումնական յաջողութիւններով որպէսզի դուն հպարտ զգաս իրենցմով։

 

Ներկայ օրերուն Արցախի հանրապետութեան քայքայման ու փլուզման ականատեսը ըլլալով կը յիշենք սիրելի Տիգրան 44 օրուայ պատերազմի ընթացքին քու ապրած տառապանքդ։ Դուն կը հետեւէիր օրը օրին կատարուող գործողութիւններուն եւ կ՛ապրէիր անհուն յուսախաբութիւն եւ տխրութիւն։ Դուն շատ  ալ հաւատք չէիր ընծայեր “Յաղթելու ենք” նշանաբանին որ պարտութեամբ վերջացաւ։ Ներկայիս Արցախահայութեան բռնագաղթը իրենց պապենական հողերէն եւ երդիքներէն քեզ շատ պիտի տխրեցնէր։ Այս ողբերգութեան իրականութիւնը քեզի խնայուեցաւ։ 

 

Հօրդ Պէպոյին նամականիին եւ կայքէջքին դասաւորումը քեզի համար առաջնահերթութիւն կը ներկայացնէր եւ յաճախ կը խօսէիր այդ մասին։ Քու յիշատակիդ նուիրուած լաւագոյն արտայայտութիւնը պիտի ըլլայ այդ կարեւոր գործի իրականացումը մօտիկ ապագային։ Նամականին թերթատած միջոցիս բազմահարիւր էջերուն մէջ գտայ քու մէկ  նամակդ ուղղուած հօրդ Յունիս 1, 1986 ին երբ միայն 13 տարեկան էիր։ Սահակեան Լեւոն Մկրտիչեան Գոլէճի եւ «Արարատ» օրաթերթի համար հայրդ հանգանակութեան գացած էր Ամերիկա, Անգլիա եւ Գանատա, ՀԿԲՄ-ի ատենապետ Տոքթ. Արշակ Գազանճեանի հետ։ Դուն քու կարօտդ կ՛արտայայտես այդ նամակին մէջ եւ կը խնդրես որ ծրագրուած թուականէն աւելի կանուխ վերադառնայ  հայրդ եւ կարելիութիւնը ունենաք եղբայրդ  Ռազմիկը, պապադ եւ դուն միասին դիտելու Ֆութպօլի World Cupի ֆինալի խաղը։  4 տարին անգամ մը տեղի ունեցող այդ  մարզական համաշխարհային մրցումները ձեզի համար այնքան մեծ կարեւորութիւն կը ներկայացնէին որ  երբ հայր եղար Արեգին տարիր Մոսկուա ներկայ ըլլալու 2018ի բացման խաղերուն։ Իսկ 2022 ին քու փոխարէնդ իր հօրեղբայրը, Ռազմիկը տարաւ Արեգը Քաթարի ֆինալի խաղին մեծ ուրախութիւն պատճառելով անոր։ Նամակդ կը յայտնէ նաեւ քու ստացած տարեվերջի բարձր նիշերուդ մասին կարեւոր նիւթերու ինչպէս Մաթեմաթիկի եւ Գիտութեան մէջ։ Ահա այդ տարիքին կը յայտնաբերուէր քու կարողութիւններդ ուսումնական գետնի վրայ որը առաջնորդեց քեզ համալսարանական կրթութիւն ստանալու։ Կը յայտնես հօրդ ՀՄՄ-ի սկաուտական շարքերու մէջ քու պաշտօնի բարձրացմանդ մասին։ Հոն է որ կազմուեցաւ քու միութենական ոգիդ եւ հաւաքականութեան ծառայելու տենչդ։ Դուն կը տեղեկացնես հօրդ շատ կարեւոր եւ հայութեան համար ահաւոր դէպքի մը մասին։ Անկարգ տարրեր մտած էին արեւմտեան Պէյրութի մէջ խանութներ եւ բժշկական գրասենեակներ եւ սպաննած անմեղ հայեր ու վիրաւորած ուրիշներ։ Ամբողջ հայութիւնը ցնցուած էր այս բարբարոսական արարքէն։ Դուն այդ տարիքիդ կրցած էիր մասնաւորել այդ դէպքերը եւ ճանչնալ  անոնց տարողութիւնը հայ կեանքին համար։ Զգալի էր քու ազգային ոգիի ներկայութիւնդ եւ ինչ որ ապագային կազմաւորուեցաւ որպէս յանձնառու հայերիտասարդի խրոխտ նկարագիր։

 

Ներկայ օրերուն կատարուող Իսրայէլ-Համաս պատերազմը վախի մէջ կը պահէ Լիբանանի ժողովուրդը մէջն ըլլալով քու ընտանիքդ։ Որքան կարեւոր էր քու ներկայութիւնդ այս օրերուն զաւակներուդ եւ տիկնոջդ կողքին։ Կրկին քու ոգեղէն ներկայութիւնդ կը հասնի իրենց եւ կը գօտեպնդէ զիրենք ըլլալու քաջ եւ վճռական։

 

Քու կարօտդ կը մաշէ զիս որպէս մայր եւ քու ներկայութեանդ բաղձանքը կը հեծծէ իմ հոգիս։ Օգնէ ինծի որ դիմանամ այս խոր ցաւին որ քու կորուստովդ ինծի բաժին ինկաւ։ Հանգչիր խաղաղութեան մէջ սիրելի Տիգրան Աստուծոյ ներկայութեան, մինչեւ մենք բոլորս միանանք իրար հետ յաւիտենականութեան մէջ։

 

Վշտահար մայրդ Ազատուհի

09.01.2023

Բարի յիսնամեակ

Սիրելի Տիգրան,


Ծնունդդ անհուն խինդով լեցուցած էր հօրդ եւ իմ, ինչպէս նաեւ մօտիկ հարազատներու սրտերը: Հաւաքական ցնծութեան օրեր, շաբաթներ ու ամիսներ անցուցինք փառք տալով Աստուծոյ քու օրհնաբեր ծնունդիդ առիթով: Ամէն մէկ շարժումդ ու ժպիտդ, քաղցր մանկական ձայներդ մեզ կը լեցնէին անհուն երջանկութեամբ: Արտասանած առաջին բառերդ, առած առաջին քայլդ, խաղալիքներու հանդէպ ունեցած հետաքրքրութիւնդ, ճաշակած ուտելիքդ, խմած կաթդ մեզ ոգեւորութեամբ կը լեցնէին: Սիրով եւ գուրգուրանքով շրջապատուեցար եւ լոյսով ու յոյսով լեցուցիր մեզ քու ծնողներդ: Երկու տարեկան էիր երբ սկսար բարբառել մայրենի լեզուդ որ մեզ լեցուց անհուն ոգեւորութեամբ: Սիրոյ եւ մրցակցութեան խառն զգացումներով մօտեցար նորածին եղբօրդ, Ռազմիկին ու ետքէն դարձար անոր ամուր յենարանը: Պատերազմի պայմաններուն մէջ հասակ առիք դուք երկուքդ յաճախակիօրէն տեղափոխուելով ձեր հարազատ տան միջավայրէն: Հակառակ այդ երեւոյթին դուք ձեր մանկական խաղերով զիրար ուրախացուցիք: Յատկապէս LAU համալսարանի շրջափակին մէջ անհոգ մանկութեան քաղցր օրեր անցուցիք, յաճախ փնտռելով ձեր հայրը որ կը գտնուէր Արեւելեան Պէյրութ կրթական իր առաքելութեամբ: Ցնծութեան օրեր էին երբ ան կը յաջողէր կտրել անանցանելի ճամբաները ու կը փութար ձեր մօտ:

Երբ կը վերյիշեմ այդ օրերը կը զարմանամ որ հակառակ օրուան դժուար կացութեան մենք երջանիկ էինք ձեր ներկայութեամբ: Բնաւ չէինք երեւակայեր որ պիտի կորսնցնենք քեզ այսքան վաղաժամ: Այսօր 50 տարեկան պիտի ըլլայիր, տարիք մը հասունութեան ու փորձառութեան որպէս հայր՝ Արեգին եւ Սարիկին, որպէս ամուսին Սիլվիին, որպէս եղբայր Ռազմիկին, հօրեղբայր Հրակին եւ զաւակ ինծի:

Կանոնաւոր կերպով կ'այցելես մեզի մեր երազներուն մէջ քու շէնշող բնաւորութեամդ, քաջալերանքովդ, լիահագագ խնդուքովդ ու պայծառ լաւատեսութեամբդ: Արդեօք ի՞նչ են խորհուրդներդ Արեգին եւ Սարիկին յառաջիկայ քայլերուն նկատմամբ: Որքա՜ն պէտք ունէին անոնք քու առաջնորդութեանդ իրենց այս զգայուն տարիքին մէջ: Մեր ամէն մէկ քայլափոխին կը զգանք կարիքը քու խորհուրդներուդ ճշմարիտ կողմնորոշումով ու հաստատ քայլերով ընթանալու մեզի համար լաւագոյն ընտրութիւնը հանդիսացող երթուղիէն:

Ասպարէզի կեանքիդ մէջ մեծ ոստումներ ընելու կը պատրաստուէիր որոնք առաւել չափով քեզ պիտի հասցնէին քու նպատակներուդ իրագործման: Ճամբորդական ծրագիրներդ քեզ հաղորդակցութեան մէջ պիտի դնէին ֆինանսական միջազգային կեդրոններու հետ ու անոնք պիտի ընդլայնէին քու գործունէութեանդ դաշտը: Ունէիր եռանդ, կորով, խանդավառութիւն հաստատելու քու անհատական ընկերութիւնդ նուաճելու նորանոր բարձունքներ: Հասարակական, ընկերային ծառայութեանդ ծաւալը հաստատապէս պիտի ընդարձակէիր ու պիտի հասնէիր աւելի մեծ թիւով հայ երիտասարդներու օգնութեան: Հայաստանեայց եկեղեցւոյ կեանքին մասնակցութիւնդ պիտի արդիւնաւորուէր աւելի համարձակ քայլերով որոնք պիտի ապահովէին եկեղեցւոյ պայծառութիւնն ու ժողովուրդին հասցուելիք օժանդակութիւնը: Ազգային ժողովներու մէջ պիտի շարունակէիր բերել քու նպաստդ աւելի արդար համակարգի մը ստեղծման համար ուր կարիքաւորներն ու լուսանցքայնացուած հայ ժողովուրդի զաւակները պիտի արժանանային մասնաւոր ուշադրութեան եւ հոգածութեան:

Բարի յիսնամեակ կը մաղթեմ քեզի երկնքի մէջ սիրելի Տիգրան: Որքա՜ն պիտի ուզէինք քեզ մեր մէջ ունենալ ու միասնաբար տօնել տարեդարձդ մեծ շուքով եւ արժանավայել կերպով: Տակաւին չենք հաշտուած քու մահուանդ հետ եւ մեր հոգին կը մղկտալ խոր վիշտով: Հասցուր մեզի քու մխիթարութիւնդ, որպէսզի տոկանք մեզի հասցուած այս մեծ ողբերգութեան առթած անբացատրելի ցաւին:

Թող երկնային լոյսերու մէջ հանգչի քու հոգիդ սիրելի Տիգրան:

Վշտահար մայրդ՝ Ազատուհի

10.03.2023

Տիգրան Գալայճեանի մահուան երկրորդ տարելիցին տխուր
առիթով

Ազատուհի Սիմոնեան Գալայճեան

«Արարատ» 4 Յունուար 2023

DikranAraratJan2023.jpg

Տիգրանի Կեանքին Հետքերով
Ազատուհի Սիմոնեան Գալայճեան
(2021)

Ժամանակը երբեք չի կրնար մթագնել քու յիշատակդ սիրելի Տիգրան: Կենսունակ քու խառնուածքդ ճառագայթող քու ժպիտդ, խանդավառ խօսակցութիւնդ, լաւատեսութիւն եւ դրական ուժ փոխանցող բնաւորորութիւնդ, բոլոր հարցերուն լուծում գտնող քու պայծառ միտքդ, վճռակամութիւնդ մեզի կ՚ընկերանան մեր կեանքի իւրաքանչիւր օրուան ընթացքին:

Քու ծնունդովդ մեր օճախը լուսաւորող եւ երջանկութեամբ օժտող որպէս մեր անդրանիկ զաւակը, հօրդ եւ իմ օրերը իմաստաւորեցիր: Դուն էիր որ տուիր մեր կոչումը որպէս հայր եւ մայր որը մեր մինչ այդ ունեցած բարձրագոյն պաշտօնն էր: Քու աճումիդ հետեւեցանք քայլ առ քայլ մանաւանդ երբ սկսար բարբառել մեր մայրենի լեզուն: Ի՜նչ երջանկութիւն էր լսել «մամա» եւ «պապա» քու կանչերդ: Հետզհետէ կազմաւորուող քու մտային կարողութիւններդ մեզ կը լեցնէին ապագայի երազներով: Դպրոցական տարիներուն քու ցուցաբերած արտակարգ արդիւնքներդ կը յուսադրէին մեզ որ անպայման պիտի հասնիս ապագայ ասպարէզիդ բարձունքները: Փայլուն յաջողութիւններով սկսար աւարտել համալսարանի BA/BS եւ MBA ծրագիրները ու նետուեցար կեանքի ասպարէզ: Շահեցար յարգանքը գործակիցներուդ եւ պատասխանատուներուդ մինչեւ գրաւեցիր բարձր դիրքեր միջազգային այն ընկերութիւններուն մէջ ուր հրաւիրուեցար աշխատանքի:

1995 թուականէն սկսեալ թրծուեցար ֆինանսական աշխարհի ամենաբարդ հոլովոյթին մէջ եւ հետզհետէ հասար բարձրագոյն ղեկավարութեան ոլորտներուն: Ոչ միայն փայլեցար ասպարէզիդ մէջ ձեռք ձգած հմտութեամբդ այլ մարդկային արժանիքներովդ, որպէս օրինակելի առաջնորդ եւ ղեկավար: Այդ ուղղութեամբ կը վկայեն քու տնօրէնութեանդ տակ գտնուող բոլոր գործակիցներդ:

Պատանեկան օրերուդ ՀՄՄ-ի սկաուտական շարքերուն մէջ ձեռք ձգած կարգապահութիւնդ, հայրենասիրութիւնդ, հաւաքականութեան ծառայելու պատրաստակամութիւնդ միանալով ընտանեկան յարկիդ տակ ստացած գաղափարական դաստիարակութեանդ, քեզ դարձուցին հայ համայնքի աչքառու երիտասարդ ուժերէն մին՝ որպէս Լիբանանի Ազգային Առաջնորդարանի երեսփոխան: Այդ հանգամանքով ալ ծառայեցիր Ռըմէյլի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ բարգաւաճման եւ ծուխի կարիքներուն բաւարարման:

Նաւահանգիստի պայթումէն ստեղծուած համատարած թշուառութեան եւ հետզհետէ աճող տնտեսական սուր տագնապին լուծումներ որոնելով հասար ժողովուրդի համեստ խաւի ամէնօրեայ պէտքերուն:

Համալսարանական ուսմամբ օժտուած հայ երիտասարդ ուժերու հանդէպ հոգածու կեցուածքովդ զանոնք առաջնորդեցիր իրենց մասնագիտութեան յատուկ պաշտօններու, միջազգային ընկերութիւններէն ներս: Քայլ պահեցիր անոնց յառաջխաղացքին հետ եւ քու փորձառու եւ հեռատես ղեկավարի ցուցմունքներովդ զիրենք հաստատեցիր տուեալ ընկերութիւններու մնայուն քատրին մէջ:

Կազմեցիր քու ընտանիքդ համալսարանական ուսմամբ օժտուած հայուհիի մը Սիլվիին հետ: Նուիրուեցար ընտանիքիդ բարօրութեան եւ տիկնոջդ հետ դաստիարակեցիր մանչդ Արեգը եւ դուստրդ Սարիկը: Անոնք վայելեցին քու ամբողջական սէրդ եւ հոգածութիւնդ: Չխնայեցիր որեւէ բան անոնց ուսման վերաբերեալ: Անոնք յաճախեցին Ամերիկեան Համալսարանի կից International College ուր դուն  եւ եղբայրդ՝ Ռազմիկը ստացած էիք ձեր նախակրթարանի եւ երկրորդականի ուսումը: Ուզեցիր որ զաւակներդ ստանան որակաւոր ուսում միջազգային մակարդակով:

Հաւատացած ըլլալով քու ընտանիքիդ դերակատարութեան քու կեանքիդ մէջ, ուզեցիր նոյն արժէքները փոխանցել քու զաւակներուդ: Աշխատանքի հանդէպ սէր, կարգապահութիւն, ծնողաց հանդէպ յարգանք, ծառայասիրութիւն, տկարներու հանդէպ կարեկցութիւն: Կարիքաւորներուն օգնելու առաքինութիւնը կը  փոխանցէիր քու կեանքիդ օրինակով:

Հօրդ, գրագէտ՝ Պէպօ Սիմոնեանին հանդէպ խոր ակնածանք ունէիր եւ հպարտ էիր անոր հարուստ վաստակով որպէս գրող, հասարակական դէմք, ղեկավար, կրթական առաջնորդ եւ մանկավարժ: Մօտէն կը հետեւէիր անոր վերլուծումներուն կուսակցական, ազգային, քաղակաքան եւ մշակութային մարզերու վերաբերեալ: Ընտանեկան այս դպրոցին մէջ թրծուեցար եւ դարձար ազգային կեանքի դերակատարներու հոյլին ընտրանիներէն մին:

 

Բացառիկ հոգածութիւն ցուցաբերեցիր մօրդ նկատմամբ յատկապէս հօրդ մահուընէն ետք: Գնահատանքով կ՚արտայայտուէիր քու ուսմանդ եւ ասպարէզիդ մեծապէս նպաստած մօրդ դերակատարութեան իր համալսարանի դասախօսի հանգամանքով: Եղբօրդ հանդէպ ունեցած մտերմութիւնդ, գործակցութիւնդ, անոր ընտանիքին հանդէպ տածած բացառիկ սէրդ մաս կը կազմեն քու արժանիքներուդ: Երկու եղբօր միջեւ գոյութիւն ունեցող ձեր կապը այնքան ամուր եղած է որ, հիացումի առարկայ դարձած է ձեր անմիջական շրջանակներուն մէջ:

 

Խորապէս ընկերային խառնուածքովդ մշակեցիր բարեկամութիւններ գիտակից կեանքիդ բովանդակ ընթացքին: Ցուցաբերեցիր հաւատարմութիւն եւ նուիրում բարեկամներուդ եւ անոնց ընտանիքներուն նկատմամբ:

Տունդ միշտ լեցուն էր հարազատներով եւ բարեկամներով, որոնք ուրախութեամբ կը հիւրասիրէիր տիկնոջդ Սիլվիին հետ: Ազգականական եւ բարեկամական շրջանակներուն դիմագրաւած դժուարութիւններուն լուծման մասնակից էիր: Կը հասցնէիր անոնց քու նիւթական եւ բարոյական աջակցութիւնդ: Միշտ պատրաստ էիր գործնականօրէն սատարելու անոնց խնդիրներու լուծման:

Փոքր տարիքէդ ընտանիքէդ ստացած քրիստոնէական դաստիարակութիւնդ քեզի հետ մնաց ամբողջ կեանքիդ ընթացքին: Սուրբ գրային սկզբունքներով ապրեցար քու կեանքդ: Հաւատացիր աղօթքի ուժին եւ դիմեցիր Աստուծոյ քու բոլոր ծրագիրներուդ յաջողութեան համար: Ինձմէ եւս կը խնդրէիր աղօթք եւ կը հաւատայիր որ անոնք անպայման պիտի պատասխանուէին: Քու առաքինութիւններուդ մաս կը կազմէին պարկեշտութիւնը, արդարամտութիւնը, ճշմարտախօսութիւնը, ծառայութիւնն ու աշխատասիրութիւնը, որոնք քու քրիստոնէական նկարագիրդ կը ցոլացնէին նաեւ:

Լաւատեսութիւնը կը կազմէր քու ամենացայտուն յատկանիշդ: Ամենադժուարին եւ բարդ իրավիճակներուդ մէջ միշտ ելք մը կը գտնէիր քու պայծառ լաւատեսութեանդ պատճառաւ: Մութ ամպերը կը փարատէին երբ լծուէիր աշխատանքի, քու դրական կեցուածքովդ կը յաղթահարէիր բոլոր դժուարութիւնները: Որքան պէտք ունինք այսօր քու ներկայութեանդ, յատկապէս Լիբանանեան իրականութեան մէջ հետզհետէ քայքայուող տնտեսութիւնը, դրամատնային անկեալ վիճակը, ապահովական քաոսը, դեղորայքի եւ այլ կենսական նիւթերու անբաւարարութիւնը քաղաքացիները հասցուցած են ծայրահեղ յուսահատութեան: Արդեօք ինչ ձեւով մեզի պիտի օգնէիր դուրս գալու մեր այս անբաղձալի վիճակէն:

Գիտենք որ ներկայ ես մեր կեանքին մէջ ամէնօրեայ դրութեամբ: Հոգիդ կը թեւածէ մեր շուրջը եւ մեզի ուժ, կորով, քաջալերանք կը փոխանցէ: Խաղաղութեան մէջ կը պահէ մեզ որպէսզի քու յիշատակդ մեզ գօտեպնդէ, դուրս բերէ մեր խոր վիշտէն: Յաւիտենականութեան մէջ ես արդէն, շրջապատուած լուսաւոր հոգիներով:

Թող մենք եւս արժանի դառնանք միանալու քեզի որպէս մէկ մասնիկը արդարներու փաղանգին:

 

Մայրդ՝ Ազատուհի Սիմոնեան Գալայճեան

Dikran and Razmik.jpg
Dikranfamilyphoto.jpg
Dikran Arek.JPG

In the Steps of Dikran

 

Dikran gave me the highest title of my life, that of being a mother. I had the joy of experiencing every stage of his life, his first steps, his first words calling me “mom” His graduation from school and university, his success in his career, his marriage that granted me the joy of being a grandmother to his children. He has filled my days with true happiness. “You’re the best mom ever” was the phrase he repeated frequently and it was the message he sent me from hospital the last week of his life.

After a year of his passing, Dikran is ever present in the life of our family on a daily basis. We keep remembering his gestures of love, loyalty, moral support, loving care and concern for each of the family members. He is greatly missed as our most beloved son, dad, husband, brother, uncle and cousin. He is part of our lives and guides us through the chaotic days we all are passing. His ability to find solutions to problems, his optimism, his courage in the face of impossible situations accompany us and guide us through these dark days.

Dikran grew up during the Civil War in Lebanon. As a student of the International College located in West Beirut, he had to cross the most dangerous roads from East to West Beirut accompanied by his mother and brother. Sniper fires and shells threatened their lives on a daily basis and Dikran received his baptism of fire during his teen years on his way to school.

In 1991 the war had ended and Dikran started his university education at LAU majoring in Finance and Accounting. He received his BS and MBA degrees in 1995 and 1998 with high academic standing. His career began at Ernst and Young Auditing company which led him to become Chief Financial officer of Wunderman Thompson Middle East and North Africa. He enjoyed the high esteem and appreciation of his colleagues and the heads of the multinational companies he served.

Dikran established his family in year 2004 with Silvie a young woman with university education. They were blessed with a son Arek and a daughter Sarig, who they brought up with excellent parental skills. Dikran wanted them to study at his school, International College to make sure they received the best education he could provide them. He took them to trips abroad to broaden their mental horizon. In year 2018 he took his son to Moscow to attend Football World Cup which proved to be a most memorable experience for Arek.

In spite of his constant work travels, Dikran created time to serve the Armenian Community in Lebanon. He volunteered as financial consultant to a number of organizations guiding their steps in their educational, cultural and social service projects. He helped young Armenian University students by providing them with training opportunities for the completion of their degree requirements. He also placed them in international companies to help them build their careers.

In his capacity as a Deputy of the Armenian National Assembly of the Prelacy of Lebanon, he represented the Holy Resurrection Church in Rmeil District. Throughout his two terms as representative of the church, he contributed to the welfare of the needy families and was instrumental in the distribution of hot meals for months before and after the port explosion in Beirut on August 4, 2020.

His warm and loving personality brought under his roof colleagues, friends, acquaintances and family members who enjoyed his generous hospitality. Together with his wife Sylvie, they created a haven of love and solidarity during all the years of their married life. Dikran’s optimism, enthusiasm, passion for life dominated the home atmosphere and got passed on to those who had the privilege of being in their immediate surroundings.

Dikran’s son Arek and daughter Sarig have vowed to make the dreams of their father a reality. His legacy will remain in the life of his family as a beacon of light that will illuminate our path as we go through the suffering imposed on us by the tragic death of Dikran.

May we find courage to continue our life with Dikran’s beautiful memories guiding us to perform deeds that relieve pain and bring comfort to people going through a life of suffering.

May he rest in eternal peace.

Your mom ever,

Azadouhi Simonian Kalaidjian

֍ 

2019 March 10

 

Happy birthday, dear Dikran

 

It is with great joy that I wish you a happy birthday. Your adult years are filled with successes, reaching the top of your successful career as CFO of your company JWT. There is great respect and appreciation for your excllent performance in your high position, and there will certainly be more opportunities for your advancement. On the family level, you are an exemplary dad to Arek and Sarig. They adore you and have you as a pillar in their life. You spend quality time with them all the hours you are home. An excellent rapport is created between you and your children. Your influence on them is getting stronger year after year. You will be their model in their teen years. You are a most loving husband to Sylvie and your love for her is truly great. The way you keep your father’s memory is very moving and an everyday event in your family circle.  Your loving care of me makes me feel most secure and happy. You try to provide me with the emotional and spiritual support that your dad poured on me for which I am grateful. You enjoy high esteem in your social relationships and are greatly appreciated by friends. I wish you and pray for you that your plans for the future come true. With love and deep appreciation, Mom

 

 

Father’s Day, June  2019

 

It is Father’s Day today. It is great to see you in your role as a father. I have gone through your years as father to Arek and Sarig and have marveled at your being such a great father to them. You express your love in many ways. Your overall supervision is most effective and you are wise in planning the present for their best future. The move you made in placing them at IC proved to be the best for their academic future. The sacrifices you make for them to take them to various activities over weekends or at other times deserve recognition.  The time you spend with them is most valuable for their development as independent youngsters full of self confidence. Encouraging them in their pursuit of knowledge with joint ventures with them is praiseworthy. Complete communication with them on all matters have established close ties with them which is so important for their personalities to be shaped in the best way possible. Your immense love for them has secured their growth intellectually, socially and psychologically. Your generosity to supply them with the best like trips abroad annually, the various activities they are engaged in that cost a lot, the high standard of living you provide which they enjoy are privileges they will always be thankful for. May God give you the strength you need to work and to travel, to give a life to your son and daughter that in your view is the best. May they fulfill all your dreams for their future in close collaboration with their mom Sylvie, who is a most perfect mother and educator. God bless your family. Happy father’s day my son; may all your days be filled with success and happiness. You are a father like your own father Bebo, whose immense love built you up as successful career oriented young men, you and Razmig. You are highly appreciated in your careers internationally and companies are fortunate to have you as members of their steering teams, leading the companies to prosperity and growth.

 

 

[Dikran’s reply, 2019]

 

All you said about me being a father, I owe it to you and dad. As I always say when people talk to us positively, it is because of your upbringing. Nothing else. It's the truth azadig. You and dad are what we have today.

In the Steps
bottom of page